Փորթուգալցի մասնագէտ մարզիչ Ժոսէ Մուրինիօ անցեալ շաբաթավերջին պաշտօնանկ եղաւ թրքական Ֆեներպահչէ ակումբէն: Մուրինիօ, որ միշտ ալ հարցեր կ՛ունենար վերջին ամիսներուն լրագրողներու թէ խումբի պատասխանատուներուն հետ, կ՛ուզէր քանի մը մարզիկներու փոխանցումը, բան մը, որ ակումբը չէր կատարած:
Ակումբը անցեալ շաբաթ դուրս մնացած էր «Չեմփիընզ լիկ»-ի աւարտական մրցաշարքէն` զտումի վերջին մրցումին պարտուելէ ետք Պենֆիքայէն:
Մուրինիօ պարզապէս յայտարարած էր. «Եթէ «Չեմփիընզ լիկ»-ը իսկապէս կարեւոր ըլլար ակումբին համար, ինծի կը տրամադրէին անհրաժեշտ մարզիկները»:
Հետաքրքրականը այն է, որ Մուրինիօ իր պայմանագրութիւնը խզելու համար ստացաւ փոխհատուցում` 15 միլիոն եւրոյի չափով:
Մուրինիօ 2007-էն ի վեր 7-րդ անգամ ըլլալով պաշտօնանկ կ՛ըլլար եւ… փոխհատուցում կը ստանար:
Ան Չելսիէն 21 միլիոն եւրօ ստացած էր 2007-ին, ապա 20 միլիոն` Ռէալ Մատրիտէն (2013-ին), Չելսիէն անգամ մը եւս 14,5 միլիոն (2015-ին), Մանչեսթըր Եունայթըտէն` 20 միլիոն (2018-ին), 21 միլիոն Թոթենհամէն (2021-ին), իսկ Ռոմայէն 3,5 միլիոն (2024-ին):
Պէտք է նշել, որ Մանչեսթըր Եունայթըտի նախկին մարզիչը Մուրինիօ եղած էր առաջին մարզիչը Եւրոպայի մէջ, որ նոր տարեշրջանին պաշտօնանկ կ՛ըլլար: Անոր յաջորդեցին Մանչեսթըր Եունայթըտի այլ մարզիչներ` Օլէ Կիւնար Սոլսքիար (Պեշիքթաշէն) եւ Էրիք Թեն Հաակ (Լեւերքուզընէն):


