Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Ֆութպոլ. Փարիզ Սեն Ժերմեն, Ռէալ Մատրիտ Եւ Պայերն Յաղթեցին, Մինչ Եւրոպական Փոխանցումները Կ՛աւարտին Այս Գիշեր

September 1, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական կարեւոր 5 ախոյեանութիւնները կ՛ընթանան, մինչ այսօր կէս գիշերին կը փակուի փոխանցումներու ամառնային «շուկան»:

Կան խումբեր, որոնք տակաւին կը փափաքին զօրացնել իրենց կազմերը, մանաւանդ որ ախոյեանութեան կողքին «Չեմփիընզ լիկ»-ի ծրագիրներ ալ կան, ուր ամէն խումբ իր կազմը վերատեսութեան կ՛ենթարկէ:

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն 6-3 արդիւնքով մեծ յաղթանակ տարաւ Թուլուզի դաշտին վրայ, ուր փորթուգալցի Ժոաօ Նեւեշ հեթ-թրիք իրագործեց, մինչ «Փրեմիեր լիկ»-ին մէջ Չելսի տակաւին կ՛ուշացնէ յառաջապահ Նիքոլաս Ճեքսընի փոխանցումը Պայերն Միւնիխ, մանաւանդ որ Ֆուլհամի դէմ 2-0 արդիւնքով յաղթանակի պահուն վիրաւորած էր յառաջապահ Լիամ Տելափը:

24 տարեկան Ճեքսըն (Սենեկալ) հասած էր Միւնիխ եւ բժշկական քննութիւններ ալ կատարած, բայց Լոնտոնի ակումբը վերջին վայրկեանին կասեցուցած էր ստորագրութիւնը` վերջնական որոշում չտուած:

Պայերն Միւնիխ, որ այս ամրան ձեռք ձգած էր Լիվըրփուլի քոլոմպիացի մարզիկ Լուիս Տիասը, ինչպէս նաեւ խումբէն «ղրկած» էր Լիրոյ Սանէն եւ Քինկզլի Քոմանը, յառաջապահ գիծի «պակաս» ունի եւ այժմ կը մտածէ ձեռք ձգել Լայփցիկի պելճիքացի մարզիկ Լոյս Օփենտան, եթէ Ճեքսընի հարցը չլուծուի:

Ճեքսըն շատ համոզուած չէ Չելսի վերադառնալու, եւ այսօր գիշեր ամէն ինչ կը յստականայ:

Պայերն Միւնիխ «Պունտըսլիկա»-ի իր երկրորդ մրցումին շատ գեղեցիկ յարձակողական ֆութպոլ ցուցաբերեց Աուկզպուրկի դաշտին վրայ եւ 3-0 արդիւնքով յառաջանալէ ետք չկրցաւ զսպել Աուկզպուրկի յարձակումները եւ ստացաւ 2 կոլ` միաժամանակ մեծ թիւով առիթներ կորսնցնելով: Կոլ նշանակելը ըստ երեւոյթին այդքան ալ դիւրին չ՛ըլլար Պայերնի համար, մինչ շատ դիւրին կոլեր կը ստանայ ամէն առիթէ ետք:

Իտալիոյ մէջ, ախոյեան Նափոլի կարիքը ունեցաւ քամերունցի միջնապահ Ֆրանք Անկիվայի 95-րդ վայրկեանի կոլին` յաղթելու համար Քալիարիին, մինչ Քրեմոնեզէ (3-2) եւ Ռոմա (1-0) իրենց կարգին ձեռք ձգեցին յաջորդական 2-րդ յաղթանակը:

Ստորեւ` լաւագոյն 5 ախոյեանութիւններուն արձանագրուած արդիւնքները.

ԱՆԳԼԻԱ
Չելսի – Ֆուլհամ 2-0
Մանչեսթըր Եունայթըտ – Պըրնլի 3-2
Սանտըրլենտ – Պրենթֆորտ 2-1
Թոթենհամ – Պորնմաութ 0-1
Վուլվզ – Էվըրթըն 2-3
Լիծ Եունայթըտ – Նիւքեսըլ 0-0

ՍՊԱՆԻԱ
Ալաւես – Աթլեթիքօ Մատրիտ 1-1
Ռէալ Օվիետօ – Ռէալ Սոսիետատ 1-0
Ժերոնա – Սեւիա 0-2
Ռէալ Մատրիտ – Մայորքա 2-1
Վալենսիա – Խեթաֆէ 3-0

ԳԵՐՄԱՆԻԱ
Հոֆենհայմ – Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ 1-3
Ռետ Պուլ Լայփցիկ – Հայտընհայմ 2-0
Շթութկարթ – Մէօնշընկլատպախ 1-0
Վերտըր Պրեմըն – Պայեր Լեւերքուզըն 3-3
Աուկզպուրկ – Պայերն Միւնիխ 2-3
Համպուրկ – Զանքթ Փաուլի 0-2

ՖՐԱՆՍԱ
Լորիան – Լիլ 1-7
Նանթ – Օքսեռ 1-0
Թուլուզ – Փարիզ Սեն Ժերմեն 3-6
Լանս – Պրեսթ 3-1

ԻՏԱԼԻԱ
Պոլոնիա – Քոմօ 1-0
Փարմա – Աթալանթա 1-1
Նափոլի – Քալիարի 1-0
Փիզա – Ա. Էս. Ռոմա 0-1
Լեչէ – Ա. Սէ. Միլան 0-2
Քրեմոնեզէ – Սասուոլօ 3-2

Նախորդը

Սէուտական Արաբիոյ Ախոյեանութիւն. Նասր 5-0 Արդիւնքով Ծանր Պարտութեան Մատնեց Թաաուոնը

Յաջորդը

Ծանրաբարձութիւն. Դաւիթ Յովհաննիսեան Ոսկեմետալակիր

RelatedPosts

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք`  Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը
Մարզական

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք` Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը

October 27, 2026
Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց

October 27, 2026
Ծառուկեան Կը Ցանկայ  Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ
Մարզական

Ծառուկեան Կը Ցանկայ Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.