Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի Մանչեսթըր Սիթիի յառաջապահ Էրլինկ Հաալանտ իր 88-րդ կոլը նշանակեց 100 մրցումներու ընթացքին` սահմանելով բոլոր ժամանակներու մրցանիշ:
Նորվեկիացի յառաջապահը, որ «Փրեմիեր լիկ»-ի 3-րդ հանգրուանին նշանակեց Սիթիի միակ կոլը` Պրայթընի դէմ, գերազանցեց Ալեն Շիըրի նախկին մրցանիշը, վերջինս իր առաջին 100 մրցումներուն նշանակած էր 79 կոլ: Յաջորդ լաւագոյն կոլ-սքորըրն է նետերլանտցի Ռուտ Վան Նիսթըլրոյ, որ իր առաջին 100 մրցումներուն 68 կոլ նշանակած էր:
Սակայն 25 տարեկան Հաալանտի այս կոլը բաւարար չեղաւ, որ Սիթի յաղթէ Պրայթընին, որ 2 կոլ նշանակելով պարտութեան մատնեց Փեփ Կուարտիոլայի խումբը:
Առաջին դիրքը կը գրաւէ ախոյեան Լիվըրփուլ, որ 1-0 արդիւնքով դժուար յաղթանակ մը տարաւ Արսենալի դէմ: 83-րդ վայրկեանին հունգարացի միջնապահ Տոմինիք Սոպոսլայ ազատ հարուածով 30 մեթր հեռաւորութենէն նշանակեց մրցումին միակ կոլը:
Մանչեսթըր Եունայթըտ կրցած էր 3-2 արդիւնքով պարտութեան մատնել Պըրնլին` ձեռք ձգելով տարեշրջանի առաջին 3 կէտերը` 3 մրցումներէ ետք: Եունայթըտ առաջին մրցումին պարտութիւն կրած էր Արսենալէն, ապա 1-1 արդիւնքով հաւասարած Ֆուլհամի դաշտին վրայ:


