Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ ակումբը 4 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց շուէտացի յետսապահ` Վիքթոր Լինտելոֆի հետ, որ մաս կը կազմէր Պենֆիքայի:
22 տարեկան մարզիկին պայմանագրութիւնը ուժի մէջ կը մտնէ 1 յուլիս 2017-էն սկսեալ:
Ան իր նոր ակումբին հետ պիտի մեկնի Միացեալ Նահանգներ, ուր խումբը պիտի կատարէ իր ամառնային շրջագայութիւնը:
Եունայթըտի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ ըսաւ, որ Վիքթոր Լինտելոֆ բացառիկ յատկութիւններու տէր ֆութպոլիստ մըն է: