Ասիա-2019-ի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը քիչ մը դժուար, բայց կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց Մալեզիոյ դէմ` 2-1 արդիւնքով, այս վերջինին դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին:
Ա. կիսախաղին 1-0 արդիւնքով ետ մնացած Լիբանան, իր հաւասարութեան կոլը նշանակեց 79-րդ վայրկեանին` շնորհիւ Ռապիհ Աթայայի:
Նոյնինքն Աթայա կերտեց Լիբանանի յաղթանակը, երբ կորսուած վայրկեաններուն` 93-րդ, նշանակեց Լիբանանի յաղթանակի կոլը: