Իր պաշտօնական կայքին միջոցով «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն յայտարարեց, որ այսուհետեւ եւրոպական ֆութպոլի մրցաշարքերուն գծով լաւագոյն մարզիկներուն պիտի յանձնէ մրցանակներ:
«Չեմփիընզ-լիկ»-ի եւ «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքերուն լաւագոյն բերդապահի, յետսապահի, միջնապահի, եւ յառաջապահի մրցանակներ պիտի տրուին ֆութպոլիստներուն:
Առաջին մրցաշարքին պարագային, մրցանակները պիտի տրուին 24 օգոստոսին (Մոնաքոյի մէջ), «Չեմփիընզ-լիկ»-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին վիճակաձգութեան ընթացքին (2017-2018 տարեշրջան):
Իսկ 25 օգոստոսին «Եուրոփա լիկ»-ի խմբակներու դրութեամբ տեղի ունենալիք զտումի մրցաշարքին կը յստականայ լաւագոյն ֆութպոլիստին անունը:
Վերոնշեալ մրցանակներուն գծով թեկնածուներուն անունները կը յստականան 4 օգոստոսին:
Քուէարկութեան պիտի մասնակցին «Չեմփիընզ-լիկ»-ի եւ «Եուրոփա-լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքերուն մասնակցող խումբերուն մարզիչները եւ 55 մարզական լրագրողներ` «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի անդամ բոլոր երկիրներէն:
Նշուեցաւ, որ մրցանակաբաշխութեան ընթացքին պիտի պարգեւատրուի նաեւ իտալական Ա. Էս. Ռոմայի նախկին խմբապետ եւ յառաջապահ Ֆրանչեսքօ Թոթթին` ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին իր ունեցած յաջողութիւններուն համար: