Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ներկայութեամբ Մեծաթիւ Հրաւիրեալներու. ՀՄԸՄ Անթիլիասի Վարչութիւնը Եւ ՀՄԸՄ-ի Պասքեթպոլի Յանձնախումբը Պատուեց 48-րդ Անգամ Լիբանանի Աղջկանց Ախոյեան Հանդիսացած ՀՄԸՄ Անթիլիասը

Յունիս 14, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐԴԻՎԱՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ

Իւրայատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ, երէկ երեկոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիասի վարչութիւնը եւ ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի յանձնախումբը պատուեցին յաջորդաբար 2-րդ տարին ըլլալով Լիբանանի ախոյեան հանդիսացած ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց խուբը:

Այս հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Փիեռ Քախիա, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Հրայր Խաչատուրեան, ՀՄԸՄ Անթիլիասի վարչութեան ատենապետ Դրօ Մանտալեան, միջազգային ողիմպիական դասախօս Ժիհատ Սալամէ, ակումբներու, քաղաքապետութիւններու, ֆետերասիոններու անդամներ, ՀՄԸՄ-ական եղբայրներ, յատուկ հրաւիրեալներ եւ մարզական լրագրողներ:

Ճոյս Նաուֆալի կողմէ արտասանուած բացման խօսքէն ետք ցուցադրուեցաւ յատուկ տեսերիզ մը` ՀՄԸՄ-ի աղջկանց ախոյեան խումբին մասին, ապա սրահ մուտք գործեցին ախոյեան ՀՄԸՄ-ի մարզիկները` արժանանալով ծափողջոյններու:

Առաջին խօսք առնողը եղաւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց պասքեթպոլի յանձնախումբի ատենապետ Թալին Խաչատուրեան, որ ըսաւ. «Մեր ամէն կարելին ըրինք եւ իրարու կառչած մնալով յաջողեցանք մենք մեզի պարտադրելով ախոյեանութեան տիտղոսը պատել մեր մօտ:

«Խումբին մաս կազմած օտարականները միայն ՀՄԸՄ-ի աղջկանց պասքեթպոլը յառաջ չմղեցին, այլ ամբողջ Լիբանանի աղջկանց պասքեթպոլը:

«Շնորհակալութեան յատուկ խօսք` ՀՄԸՄ Անթիլիասի վարչութեան, բոլոր հովանաւոր ընկերութիւններուն եւ ի մասնաւորի գլխաւոր հովանաւոր «Սայֆքօ» ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Շահէ Երեւանեանին, Յակոբ Ճերենեանին, Րաֆֆի Գասապեանին եւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Հրայր Խաչատուրեանին:

«Այժմէն իսկ կը խոստանանք տարիներ շարունակ այս տիտղոսը պահել մեր մօտ»:

Ապա խօսք առաւ Դրօ Մանտալեան, որ ըսաւ. «Յաջողեցանք եւ պայքարեցանք` տիտղոսը յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով պահել մեր մօտ:

«Կ՛ուզեմ անդրադառնալ այն կարեւոր կէտին, որ լիբանանեան մամուլը քիչ կ՛անդրադառնայ աղջկանց ախոյեանութեան` անոր մասին խօսելով կիսաւարտականէն ետք միայն:

«Յատուկ շնորհակալութիւն ֆետերասիոնի նախագահ Քախիային, Շահէ Երեւանեանին, Թալին Խաչատուրեանին, ինչպէս նաեւ Անթիլիասի վարչութեան բոլոր անդամներուն»:

Ապա Մանտալեան յատուկ յուշանուէր մը յանձնեց Թալին Խաչատուրեանին:

Ֆետերասիոնի նախագահին խօսքէն առաջ, ներկայ մարզական լրագրողներուն կողմէ շնորհակալութեան յատուկ խօսք մը ուղղուեցաւ Լիբանանի պաքեթպոլի ֆետերասիոնի անդամ եւ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ Ճորճ Սապունճեանին:

Ֆետերասիոնի նախագահ Փիեռ Քախիա խօսք առնելով ըսաւ. «Կը շնորհաւորենք ՀՄԸՄ Անթիլիասը եւ ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը, անոր կատարած այս մեծ իրագործումին համար:

«Կ՛ուզէինք, որ ՀՄԸՄ նաեւ շահէր արաբական ախոյեանութիւնը, բայց այն ինչ որ պատահեցաւ Յորդանանի մէջ մեր կողմէ նկատուեցաւ անընդունելի: Ատիկա եղաւ մեր կարելիութեան սահմաններէն հեռու, որուն դիմաց ոչինչ կրցանք ընել:

«Մեր ամէն կարելին պիտի ընենք, որ յառաջիկայ տարեշրջանին աղջկանց ախոյեանութեան աւելի ուշադրութիւն դարձուի եւ աւելի շատ մրցումներ պատկերասփռուին:

«Կը շնորհաւորենք նաեւ Թալին Խաչատուրեանը, որ միշտ կը մնայ խումբին հետ` գիշեր եւ ցերեկ»:

Իր խօսքին մէջ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Հրայր Խաչատուրեան ըսաւ.

«Պահը յարմար նկատելով, լիբանանեան մամուլին կ՛ուզենք յայտնել այն մոռցուած իրականութիւնը, որ ՀՄԸՄ այս տարեշրջանին 48-րդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ Լիբանանի ախոյեան:

«1950-էն 1997 ՀՄԸՄ միայն մէկ տարուան ընդմիջումով 48 անգամ հանդիսացաւ Լիբանանի ախոյեան:

«Ատոր ապացոյցը կրնայ տալ հոս ներկայ գտնուող Ժաք Պոյաճեան, որ երկար տարիներ եղաւ ՀՄԸՄ-ի մարզիչը:

«48 անգամ ախոյեան հանդիսացած ՀՄԸՄ Պէյրութի իրագործումները երբեք պէտք չէ մոռցուին:

«Շնորհակալութիւն ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, համակիրներուն, հովանաւոր ընկերութիւններուն, Անթիլիասի վարչութեան, մարզիչին, մարզիկներուն, Շահէ Երեւանեանին եւ բոլորին:

«Հոս կ՛արժէ նշել, որ ֆայնըլ ֆորի մրցումներուն մեր յաղթանակը կերտեցինք մէկ օտարականով, մինչ մեր մրցակիցը ունէր երկու օտարական:

«Աղջկանց պասքեթպոլի մակարդակը պահեցինք բարձր շարունակենք նոյն թափով:

«Առիթը յարմար նկատելով` կը շնորհաւորենք նաեւ ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբը, անոր յանձնախումբը եւ կազմին գլխաւոր տինամոն` Կի Մանուկեանը»:

Վերջին խօսք առնողը եղաւ Շահէ Երեւանեան, որ ըսաւ. «Շուրջ տասը տարիէ ի վեր խումբին հետ եմ եւ խումբին յաջողութիւնը իմ եւ բոլորիս յաջողութիւնն է:

«Կը շնորհաւորենք աղջկանց ախոյեան խումբը, համակիրներուն գլուխը կանգնող Մկօ Օտապաշեանը, Կի Մանուկեանը եւ բոլորը:

«Ձեր շապիկներուն վրայ զետեղած էք «Սայֆքօ»-ն, իսկ անոր փոխարէն դուք կը մնաք իմ սրտիս մէջ:

Ապա ան ստացաւ յատուկ յուշանուէր մը` Հրայր Խաչատուրեանէն:

Աւարտին տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում` տօնական եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ:

Լուսանկարները՝ PROFOTO

Նախորդը

Ասիա-2019. Լիբանանի Ֆութպոլի Ազգային Խումբը Յաղթեց Մալեզիոյ

Յաջորդը

Անդրադարձ. Հակադարձութիւն Եւ Փորձարկում

RelatedPosts

Սէյրան Օհանեան Զրկուեցաւ  Պատգամաւորական Անձեռնմխելիութենէ
Գլխաւոր լուրեր

Սէյրան Օհանեան Զրկուեցաւ Պատգամաւորական Անձեռնմխելիութենէ

Փետրուար 9, 2023
ՀՅԴ Բիւրօ. «Հայաստանի Իշխանութեանը  Զգուշացնում Ենք` Փորձ Չանե՛լ Դաշնակիցների Հետ  Յարաբերութիւններ Հաստատել  «Առեւտր»-ի Տրամաբանութեամբ»
Գլխաւոր լուրեր

Ռուստամեան. «Մեծամասնութիւնը Իշխանութեան Եկած Է Խոստումով Մը, Բայց Կ՛իրականացնէ Բոլորովին Այլ Ծրագիր»

Փետրուար 9, 2023
ՀՅԴ- ՍԴՀԿ-ՌԱԿ Հանդիպում
Գաղութային

ՀՅԴ- ՍԴՀԿ-ՌԱԿ Հանդիպում

Փետրուար 9, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In