«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի հինգերորդ ճակատումին, որ տեղի ունեցաւ երէկ, Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ իր դաշտին վրայ, մեծաթիւ համակիրներու ներկայութեան, հիւրընկալեց Քլիվլենտ Քաւալիրզը:
Նախորդ տարեշրջանին եւս երկու կազմերը աւարտականին ճակատեցան իրարու դէմ, եւ Քաւալիրզ հանդիսացաւ ախոյեան:
Սակայն այս տարեշրջանին պատկերը շրջուեցաւ, որովհետեւ Ուորիըրզ 129-120 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով (37-33, 23-38, 33-27 եւ 27-31) եւ 4-1 արդիւնքով գերազանցելով Քաւալիրզը, հանդիսացաւ 2016-2017 տարեշրջանի «Էն. Պի. Էյ.»-ի ախոյեան:
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց եւ տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Քաւալիրզէն Լեպրոն Ճէյմս (41 կէտ, 13 ռիպաունտ): Ան նաեւ կատարեց 8 արդիւնաւէտ փոխանցում (էսիսթ): Իսկ Ուորիըրզէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Քեւին Տիւրընթ (39):
Ուորիըրզէն տապըլ-տապըլ իրագործեցին երկու մարզիկներ: Առաջինը` Տէյմընտ Կրին (10 կէտ, 12 ռիպաունտ), ապա` Սթեֆըն Քերի (34 կէտ, 10 էսիսթ):