Եուվենթուսի եւ Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի բերդապահ Ճիանլուիճի Պիւֆոն հաստատեց, որ կը նախատեսէ 2018-ի մոնտիալէն ետք աւարտել ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը:
«Կը կարծեմ, որ բաւական հարուստ տարեշրջան մը կը սպասէ ինծի` 2017-2018 տարեշրջանին: Եթէ պատահի, որ մինչեւ 2019 տիրանանք «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի տիտղոսին, ապա կը շարունակեմ ելոյթներս, որպէսզի անկէ ետք փորձեմ Եուվենթուսի հետ տիրանալ աշխարհի ակումբներու ախոյեանութեան տիտղոսին», ըսաւ 39 տարեկան բերդապահը` «Սքայ Սփոր Իթալիա»-ի հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին: