Մինսքի մէջ աւարտած Եւրոպայի ճատրակի անհատական ախոյեանութեան, հիմնական մրցանակներէն բացի սահմանուեցան նաեւ շարք մը յատուկ մրցանակներ` լաւագոյն արդիւնք ձեռք ձգած, վեթերան, կին եւ 18 տարեկանէն վար խաղացողներուն համար:
Հայրենի ճատրակ խաղացողներէն Հայկ Մարտիրոսեան եւ Արամ Յակոբեան ապահովեցին 7,5-ական կէտ:
Աւելի բարձր լրացուցիչ ցուցանիշներու շնորհիւ, Մարտիրոսեանի արդիւնքը` 18 տարեկանէն վար, ճանչցուեցաւ լաւագոյնը, իսկ Յակոբեանինը` երկրորդը:
Բացի ատկէ, Հայկ Մարտիրոսեան, Արամ Յակոբեան, Արման Միքայէլեան եւ Արթուր Դաւթեան, Եւրոպայի ախոյեանութեան իրենց արդիւնքներուն շնորհիւ, ամբողջացուցին կրանտմասթըրի կարգը, յայտնեց Հայաստանի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: