«Ի. Էս. Փի. Էն. կը հաղորդէ, որ իր կազմին միացնելու համար Ռէալ Մատրիտի միջնապահ Կերըթ Պէյլը, ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմեն պատրաստ է վճարելու 175 միլիոն եւրօ:
Արքայական ակումբի եւ Կալեսի ֆութպոլի ազգային խումբի 27 տարեկան ֆութպոլիստին ստորագրութիւնը ձեռք ձգելու համար աշխատանք կը տանի նաեւ Մանչեսթըր Եունայթըտ, որ պատրաստ է վճարելու 150 միլիոն եւրօ:
Ռէալ Մատրիտի հետ Պէյլի պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2022: Նախորդ տարեշրջանին ան իր կազմին հետ 27 մրցումի ընթացքին նշանակեց 9 կոլ եւ կատարեց կոլի 9 արդիւնաւէտ փոխանցում: