Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր պաշտօնական կայքին ընդմէջէն հրապարակեց Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր-լիկ»-ի 2017-2018 տարեշրջանի Ա. հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը, որ կը սկսի շաբաթ, 12 օգոստոս 2017-ին:
Ախոյեան Չելսի իր դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Պըրնլին, մինչ Մանչեսթըր Եունայթըտ` Ուեսթ Համը:
Այս տարեշրջանին բարձրագոյն դասակարգին նորեկներն են Պրայթըն, Նիւքասըլ եւ Հատըրսֆիլտ:
Ստորեւ` Ա. հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը.
Արսենալ – Լայսթըր Սիթի
Պրայթըն – Մանչեսթըր Սիթի
Չելսի – Պըրնլի
Քրիսթալ Փալաս – Հատըրսֆիլտ
Էվըրթըն – Սթոք Սիթի
Մանչեսթըր Եունայթըտ – Ուեսթ Համ
Նիւքասըլ – Սփըրզ
Սաութհեմփթըն – Սուանզի
Ուաթֆորտ – Լիվըրփուլ
Ուեսթ Պրոմուիչ – Պուրնըմաութ