
Երէկ` չորեքշաբթի, 14 յունիսին, Մալեզիայէն Պէյրութի միջազգային օդակայան վերադարձաւ Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք դաշտին տիրոջ դէմ տեղի ունեցած մրցումին, որ կ՛իյնայ Ասիա-2017-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ (Բ. խմբակ):
Ինչպէս ծանօթ է, Լիբանան 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով, այժմ առաւելագոյն 6 կէտը ապահովելով կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը:
Նշենք, որ Լիբանանի կազմը դիմաւորելու համար Պէյրութի միջազգային օդակայան մեկնած էին մարզիկներուն ծնողներն ու ընտանեկան պարագաները, ինչպէս նաեւ մարզական լրագրողներ:


