Մարզական

Կարճ Լուրեր` Միջազգային Ֆութպոլի Աշխարհէն

Կարճ Լուրեր` Միջազգային Ֆութպոլի Աշխարհէն

Նկատի ունենալով, որ այժմ միջազգային ֆութպոլի ախոյեանութիւնները իրենց ամառնային արձակուրդին մէջ են, մեծ թիւով մարզիկներու փոխանցում տեղի կ՛ունենայ: Ստորեւ կու տանք կարգ մը կարեւորագոյն փոխանցումները: Ճոնաթըն Քլինսման ԳԵՐՄԱՆԱՑԻ բերդապահ Ճոնաթըն Քլինսման միացաւ գերմանական Հերթա Պերլինին` անոր հետ կնքելով երկար ժամանակի տեւողութեամբ պայմանագրութիւն մը: 20 տարեկան Ճոնաթըն Քլինսման ֆութպոլի երբեմնի անուանի աստղերէն Եիւրկըն Քլինսմանի որդին է: Միացեալ Նահանգներու 20 տարեկանէն վար...

Հեծելարշաւ.  Վաչէ Ծատուրեան` Արաբական Ֆետերասիոնի Նախագահի Խորհրդատու

Հեծելարշաւ. Վաչէ Ծատուրեան` Արաբական Ֆետերասիոնի Նախագահի Խորհրդատու

Արաբական հեծելարշաւի ֆետերասիոնը Շարիքայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) գումարեց իր անդրանիկ ժողովը` նախագահութեամբ ֆետերասիոնին նախագահ շէյխ Ֆայսալ Պըն Համիտ Քասիմիի եւ կազմի բոլոր անդամներուն: Օրակարգին վրայ առկայ բազմաթիւ հարցերը քննարկելէ ետք, ժողովը կատարեց կարգ մը նշանակումներ: Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան նշանակուեցաւ Արաբական ֆետերասիոնի նախագահի խորհրդատու: Ժողովականները յայտարարեցին, որ իրենց կարելին պիտի ընեն, որպէսզի այս մարզաձեւը աւելի ժողովրդականութիւն գտնէ...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Շաբաթական հերթական իր ժողովին Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը քննարկեց իր օրակարգին վրայ եղող հարցերը, որոնց մէջ կարեւորագոյնը շաբաթ, 22 յուլիսին, «Պրիսթոլ» պանդոկին մէջ տեղի ունեալիք ֆետերասիոնի ընտրութիւններն են: Պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ 11 աթոռի համար, իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած են 15 անձեր: Այս կը նշանակէ, որ ընտրութիւն պիտի կատարուի: Յայտարարուեցաւ, որ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ընդհանուր քարտուղարը Ժիհատ Շահըֆ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 25...

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Պաթէ – Ալաշկերտ Երթի Մրցումը

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին զտումի Բ. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր Հայաստանի ախոյեան Ալաշկերտ պիտի մրցի ՊԱԹԷ Պորիսովի դէմ: Պիելոռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք այս մրցումին համար, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն իրաւարարները նշանակեց Ալպանիայէն: Կեդրոնի իրաւարարը պիտի ըլլայ Էնէա Եորքի, իսկ կողմի իրաւարարները` Էրմալ Պարուշի եւ Ռիտիկեր Եոքալ: «Պորիսով Արենա» մարզադաշտին վրայ տեղի ունենալիք այս մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի Երեւանի...

Սամպօ. Ֆրանսուա Սաատէ` Ասիոյ Ֆետերասիոնի Ընդհանուր Քարտուղար

Լիբանանի ժիւտոյի ֆետերասիոնի նախագահ Ֆրանսուա Սաատէ, Թաշկենդէն (Ուզպեքիստան) վերադարձաւ Լիբանան, հոն կայացած Ասիոյ սամպոյի ֆետերասիոնին ժողովին իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք: Յաջորդաբար երկրորդ նստաշրջանի մը համար Սաատէ ընտրուեցաւ Ասիոյ սամպոյի ֆետերասիոնին ընդհանուր քարտուղար: Անոր պաշտօնավարութեան ժամանակաշրջանը կը սկսի 2017-ին եւ կ՛աւարտի 2021-ին: Նշենք, որ նախագահի պաշտօնը պիտի վարէ Ամժուն Մոլայեւ (Ուզպեքիստան):

«ՖԻՏԷ»-Կրան Փրի. Լեւոն Արոնեան Կէս Կէտով Ետ Կը Մնայ Առաջատարներէն

Ժընեւի մէջ (Զուիցերիա) տեղի ունեցող «ՖԻՏԷ»-ի կրան փրի ճատրակի միջազգային մրցաշարքին 5-րդ հանգրուանէն ետք, այժմ հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, որ ունի 3 կէտ, կը բաժնէ 3-6-րդ դիրքերը: Նոյնքան կէտ ունին նաեւ երեք ուրիշներ ալ: Դասաւորման պարագլուխի դիրքը կը գրաւեն Ալեքսանտր Կրիսչուք (Ռուսիա) եւ Թէյմուր Ռաճապով, որոնք հաւաքած են 3,5-ական կէտ: Նշենք, որ Արոնեան ցարդ արձանագրած է յաղթանակ մը եւ չորս...

Պասքեթպոլ. Հայաստանի Երիտասարդական Հաւաքականը Յաղթեց Ղազախիստանին

Հայաստանի 20 տարեկանէն վար տղոց հաւաքականը, որ պասքեթպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին ճակատեցաւ Ղազախիստանի դէմ, 85-65 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Այս լուրը փոխանցեց Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը:

Լուքաքու 5 Տարուան Պայմանագրութիւն Ստորագրեց Մանչեսթըր Եունայթըտի Հետ

Մանչեսթըր Եունայթըտ հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց, որ Էվըրթընի մաս կազմող պելճիքացի յառաջապահ Ռոմելու Լուքաքու 5 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց խումբին հետ` զայն մէկ տարիով երկարաձգելու հաւանականութեամբ: Ան պիտի կրէ թիւ 9 մարզաշապիկը, զոր նախորդ տարեշրջանին կը կրէր շուէտացի յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչ: 24 տարեկան Լուքաքու, որ 2013-էն ի վեր մաս կը կազմէ Էվըրթընի, նախորդ տարեշրջանին 37 մրցումի ընթացքին նշանակեց 25 կոլ:

Ռէալ Մատրիտ Ներկայացուց Թէօ Հերնանտեզը

Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին Ռէալ Մատրիտ ներկայացուց իր նոր ֆութպոլիստը, ֆրանսացի միջնապահ Թէօ Հերնանտեզը, որ արքայական ակումբին միացաւ 6 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելով: 19 տարեկան ֆրանսացին պիտի կրէ թիւ 15 մարզաշապիկը: Նախորդ տարեշրջանին ան փոխ տրուած էր Ալաւեսի: Անոր հետ ունեցած 32 մրցումի ընթացքին ան նշանակեց 3 կոլ:

Թենիս. Ուիմպըլտըն.  Ճոքովիչ Ապահովեց Քառորդ Աւարտականի Իր Տոմսը

Թենիս. Ուիմպըլտըն. Ճոքովիչ Ապահովեց Քառորդ Աւարտականի Իր Տոմսը

Անգլիոյ մէջ տեղի ունեցող Ուիմպըլտընի կրան շլեմի թենիսի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, 2-րդ դասուած սերպ Նովաք Ճոքովիչ երէկ ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը` 6-2, 7-6 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ֆրանսայի Ատրիան Մանարինոյի: Նշենք, որ այս մրցումը յետաձգուած էր երկուշաբթի օրուընէ` նկատի ունենալով, որ Ռաֆայէլ Նատալ - Ժիլ Միւլըր մարաթոն մրցումը տեւեց 4 ժամ եւ 48 վայրկեան: Այս մրցումին...

Պելլեթթի Նշանակուեցաւ Պարսելոնայի Դեսպան

Պարսելոնայի նախկին յետսապահ պրազիլցի Ժուլիանօ Պելլեթթի նշանակուեցաւ ակումբին դեսպան: Այս լուրը հաղորդեց քաթալոնիական խումբին պաշտօնական կայքը: Յառաջիկայ քանի մը տարիներուն ան իր ակումբը պիտի ներկայացնէ տարբեր միջոցառումներու: Պրազիլցիին եւ Պարսելոնայի համագործակցութիւնը տեղի պիտի ունենայ նաեւ հասարակական ու կազմակերպչական նախագիծերուն մէջ ալ: 41 տարեկան պրազիլցին, որ Պարսելոնայի մաս կազմած է 2004-2007 ժամանակամիջոցին, անոր հետ երկու անգամ հանդիսացած է երկրին ախոյեան, մէկ...

Այաքս Ամսթերտամի Ֆութպոլիստը` Մահաքունի Մէջ

Հոլանտական Այաքս Ամսթերտամի 20 տարեկան ֆութպոլիստը` Ապտելհակա Նուրին կը շարունակէ մնալ մահաքունի մէջ: Այս լուրը հաղորդուեցաւ ակումբին պաշտօնական կայքին ճամբով: Քանի մը օր առաջ Վերտըր Պրեմընի դէմ տեղի ունեցած ֆութպոլի բարեկամական մրցումին ընթացքին մարզիկը ուշքը կորսնցնելով ինկած էր եւ իսկոյն ուղղաթիռով փոխադրուած շրջանի հիւանդանոցներէն մէկը: Նշուեցաւ, որ միջնապահ Նուրի Այաքս Ամսթերտամի ակադեմիայի մարզիկ եղած է եւ ակումբին գլխաւոր խումբին հետ...

Փիեռ Քախիա Մամլոյ Ասուլիս Պիտի Տայ

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին նախագահ Փիեռ Քախիա, վաղը` չորեքշաբթի, 12 յուլիսին, ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ (Ժալ Էլ Տիպ) պիտի տայ մամլոյ ասուլիս մը (ժամը 16:00-ին): Ան պիտի անդրադառնայ օգոստոսին Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք Ասիոյ պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքին գծով տարուող աշխատանքներուն:

Պասքեթպոլ. Հայաստան Յաղթեց Քոսովոյի Եւ Գրաւեց Երկրորդ Դիրքը

Նախորդ շաբաթավերջին Մալթայի մէջ աւարտեցաւ Եւրոպայի պասքեթպոլի աղջկանց Գ. դասակարգի 18 տարեկանէն վար ախոյեանութեան մրցաշարքը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստան: Հայաստանի հաւաքականը իր վերջին մրցումին 68-52 արդիւնքով յաղթեց Քոսովոյի: Այսպիսով իր կատարած չորս մրցումներուն ընթացքին արձանագրելով 3 յաղթանակ եւ կրելով պարտութիւն մը, Հայաստան գրաւեց այս խմբակին երկրորդ դիրքը: Նշենք, որ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Վահագն Յարութիւնեան:

Պասքեթպոլ. Ճէյմզ Հարտեն Ստորագրեց «Էն. Պի. Էյ.»-ի Պատմութեան Ամէնէն Սուղ Պայմանագիրը

Հիուսթըն Ռոքեթցի ամերիկացի պասքեթպոլիստ Ճէյմզ Հարտեն նախորդ շաբաթավերջին չորս տարիով երկարաձգեց իր պամանագրութիւնը իր ակումբին հետ, որ կը ներկայացնէ Թեքսասի նահանգը: Անոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2023: «Պի. Պի. Սի»-ի համաձայն, 6 տարուան ընթացքին 27 տարեկան Հարտեն պիտի գանձէ 228 միլիոն ամերիկեան տոլարի աշխատավարձք, ինչ որ կը նշանակէ, որ ան պիտի ըլլայ, «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան ամէնէն սուղ պայմանագիրը ստորագրողը:...

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» 17-29 Յուլիսին` Թենիսի Տարեկան Մրցաշարք

Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին, 17-29 յուլիսին տեղի պիտի ունենայ վերոնշեալ ակումբին թենիսի տարեկան մրցաշարքը, անոր թենիսի դաշտերուն վրայ` Քասլիք: Տեղի պիտի ունենան տղոց եւ աղջկանց բոլոր դասակարգերու տարիքային մրցումները: Կազմակերպիչ ակումբը յայտարարեց, որ նիւթական պարգեւներ տրամադրուած են մրցանակակիրներուն: Մրցաշարքը կը հովանաւորեն «Եունեքս» եւ «Քոմըրշըլ Ինշուրընս»:

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Ահտ Կրտսերներու Ախոյեան` Եօթներորդ Անգամն Ըլլալով

Լիբանանի ֆութպոլի կրտսերներու ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանի աւարտականի ճակատումին Ահտ, 6-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Շիպիպեթ Մազրաան, հանդիսացաւ Լիբանանի կրտսերներու ախոյեան` իր պատմութեան մէջ եօթներորդ անգամն ըլլալով: Պհամտունի դաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին Ահտի կոլերը նշանակեցին Հըսէյն Աուատա (2 կոլ), Մոհամետ Զըրիք, Ալի Քըրթպաուի, Ալի Սուէյտան եւ Խըտըր Համտան: Մրցումին աւարտին ախոյեան խումբը իր տիտղոսը ստացաւ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին անդամ...

Աթլեթիզմ. Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Քենիա

Երէկ առաւօտուն, Լիբանանի աթլեթիզմի պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Քենիա` իր մասնակցութիւնը բերելու աշխարհի կրտսերներու աթլեթիզմի ախոյեանութեան: Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Զուհէյր Նաժի (նախագահ եւ մարզիչ) եւ Ալի Մըհաննա, որ կը մասնակցի 100 մեթր վազքի մրցումներուն:

Սամպօ. Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարք. Հայ Մարզիկները Տիրացան 2 Մետալի

Հայաստանի սամպոյի հաւաքականը 6-8 յուլիսին Ասթանայի մէջ, իր մասնակցութիւնը բերելով աշխարհի սամպոյի բաժակի մրցաշարքերէն մէկուն «Նուրսուլթան Նազարպայեւի մրցանակներ» Ա. կարգի միջազգային մրցաշարքին, տիրացած է երկու մետալի: Պրոնզէ մետալակիրներ դարձան Տիգրան Կիրակոսեան (57 քկ) եւ Վահագն Չալեան (82 քկ): Այս տարի մրցաշարքին մասնակցեցան 16 երկիրներու շուրջ 200 մարզիկներ: Այս լուրը փոխանցեց Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին կայքը: Նշենք, որ մայիսին, Եւրոպայի 2017-ի...

Ալաշկերտ Մեկնեցաւ Պիելոռուսիա

Նախորդ շաբաթավերջին Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեան Ալաշկերտ մեկնեցաւ Պիելոռուսիա` չորեքշաբթի, 12 յուլիսին «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին Բ. հանգրուանի երթին ծիրին մէջ մրցելու ՊԱԹԷ-ի դէմ: Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ Մինսքի Պորիսով Արենա մարզադաշտին վրայ եւ պիտի սկսի ժամը 21:30-ին` Երեւանի ժամանակացոյցով: Ալաշկերտի պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ ակումբին նախագահը` Բագրատ Նաւոյեան: Ստորեւ` Պիելոռուսիա մեկնած ֆութպոլիստները. ԲԵՐԴԱՊԱՀՆԵՐ.- Արսէն Բեգլարեան եւ Գէորգ...

Page 954 of 1277 1 … 953 954 955 … 1,277

Արխիւներ