Անգլիոյ մէջ տեղի ունեցող Ուիմպըլտընի կրան շլեմի թենիսի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, 2-րդ դասուած սերպ Նովաք Ճոքովիչ երէկ ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը` 6-2, 7-6 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ֆրանսայի Ատրիան Մանարինոյի:
Նշենք, որ այս մրցումը յետաձգուած էր երկուշաբթի օրուընէ` նկատի ունենալով, որ Ռաֆայէլ Նատալ – Ժիլ Միւլըր մարաթոն մրցումը տեւեց 4 ժամ եւ 48 վայրկեան: Այս մրցումին Նատալ պարտուեցաւ եւ դուրս մնաց:
Բնականաբար ժամին ուշ ըլլալուն պատճառով մրցումը չէր կրնար շարունակուիլ Ճոքովիչի եւ Մանարինոյի միջեւ, որովհետեւ սկսած էր մթնել:
Քառորդ աւարտականին Ճոքովիչ իր դէմ պիտի ունենայ չեխ Թոմաս Պերտիչը:
Ամերիկացի Վինըս Ուիլիամզ ապահովեց կիսաւարտականին իր տոմսը` 6-3 եւ 7-5 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ելենա Օսթափենքոյին:
 
			



