Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին, 17-29 յուլիսին տեղի պիտի ունենայ վերոնշեալ ակումբին թենիսի տարեկան մրցաշարքը, անոր թենիսի դաշտերուն վրայ` Քասլիք:
Տեղի պիտի ունենան տղոց եւ աղջկանց բոլոր դասակարգերու տարիքային մրցումները:
Կազմակերպիչ ակումբը յայտարարեց, որ նիւթական պարգեւներ տրամադրուած են մրցանակակիրներուն:
Մրցաշարքը կը հովանաւորեն «Եունեքս» եւ «Քոմըրշըլ Ինշուրընս»: