Նախորդ շաբաթավերջին Մալթայի մէջ աւարտեցաւ Եւրոպայի պասքեթպոլի աղջկանց Գ. դասակարգի 18 տարեկանէն վար ախոյեանութեան մրցաշարքը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստան:
Հայաստանի հաւաքականը իր վերջին մրցումին 68-52 արդիւնքով յաղթեց Քոսովոյի:
Այսպիսով իր կատարած չորս մրցումներուն ընթացքին արձանագրելով 3 յաղթանակ եւ կրելով պարտութիւն մը, Հայաստան գրաւեց այս խմբակին երկրորդ դիրքը:
Նշենք, որ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Վահագն Յարութիւնեան: