Հիուսթըն Ռոքեթցի ամերիկացի պասքեթպոլիստ Ճէյմզ Հարտեն նախորդ շաբաթավերջին չորս տարիով երկարաձգեց իր պամանագրութիւնը իր ակումբին հետ, որ կը ներկայացնէ Թեքսասի նահանգը: Անոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2023:
«Պի. Պի. Սի»-ի համաձայն, 6 տարուան ընթացքին 27 տարեկան Հարտեն պիտի գանձէ 228 միլիոն ամերիկեան տոլարի աշխատավարձք, ինչ որ կը նշանակէ, որ ան պիտի ըլլայ, «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան ամէնէն սուղ պայմանագիրը ստորագրողը:
Նախկին մրցանիշը կը պատկանէր Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի մարզիկ Սթեֆըն Քարիի, որ 1 յուլիսին կնքեց 201 միլիոն ամերիկեան տոլարի 5 տարուան պայմանագրութիւն մը:
Նախորդ տարեշրջանին Հարտեն, որ մասնակցեցաւ 81 մրցումի, միջին հաշիւով իւրաքանչիւր մրցումի նշանակեց 28,5 կէտ:
2016-2017 տարեշրջանին, թէեւ ան «Էն. Պի. Էյ.»-ի ամէնէն արժէքաւոր մարզիկներու լաւագոյն եռեակին մէջ էր, բայց մրցանակը ստացողը եղաւ Ռասըլ Ուեսթպրուք (Օքլահոմա Սիթի):