Լիբանանի ֆութպոլի կրտսերներու ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանի աւարտականի ճակատումին Ահտ, 6-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Շիպիպեթ Մազրաան, հանդիսացաւ Լիբանանի կրտսերներու ախոյեան` իր պատմութեան մէջ եօթներորդ անգամն ըլլալով:
Պհամտունի դաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին Ահտի կոլերը նշանակեցին Հըսէյն Աուատա (2 կոլ), Մոհամետ Զըրիք, Ալի Քըրթպաուի, Ալի Սուէյտան եւ Խըտըր Համտան:
Մրցումին աւարտին ախոյեան խումբը իր տիտղոսը ստացաւ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին անդամ Իսամ Սայեղէն: