Արաբական հեծելարշաւի ֆետերասիոնը Շարիքայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) գումարեց իր անդրանիկ ժողովը` նախագահութեամբ ֆետերասիոնին նախագահ շէյխ Ֆայսալ Պըն Համիտ Քասիմիի եւ կազմի բոլոր անդամներուն:
Օրակարգին վրայ առկայ բազմաթիւ հարցերը քննարկելէ ետք, ժողովը կատարեց կարգ մը նշանակումներ:
Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան նշանակուեցաւ Արաբական ֆետերասիոնի նախագահի խորհրդատու:
Ժողովականները յայտարարեցին, որ իրենց կարելին պիտի ընեն, որպէսզի այս մարզաձեւը աւելի ժողովրդականութիւն գտնէ արաբական աշխարհի մէջ, ինչպէս նաեւ տեղի ունենալիք մրցաշարքերուն եւ ախոյեանութիւններուն մասնակցողներուն թիւը ըլլայ բաւական շատ: