«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին զտումի Բ. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր Հայաստանի ախոյեան Ալաշկերտ պիտի մրցի ՊԱԹԷ Պորիսովի դէմ:
Պիելոռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք այս մրցումին համար, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն իրաւարարները նշանակեց Ալպանիայէն:
Կեդրոնի իրաւարարը պիտի ըլլայ Էնէա Եորքի, իսկ կողմի իրաւարարները` Էրմալ Պարուշի եւ Ռիտիկեր Եոքալ:
«Պորիսով Արենա» մարզադաշտին վրայ տեղի ունենալիք այս մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի Երեւանի ժամանակացոյցով, ժամը 21:30-ին, (Պէյրութի ժամով` ժամը 20:30-ին):
Յուսանք հայրենի կազմը, լաւ արդիւնք արձանագրէ, որպէսզի դարձի մրցումին, Հայաստանի մէջ կայանալիք, աւելի հանգիստ մրցում մը ունենայ: