Պարսելոնայի նախկին յետսապահ պրազիլցի Ժուլիանօ Պելլեթթի նշանակուեցաւ ակումբին դեսպան: Այս լուրը հաղորդեց քաթալոնիական խումբին պաշտօնական կայքը:
Յառաջիկայ քանի մը տարիներուն ան իր ակումբը պիտի ներկայացնէ տարբեր միջոցառումներու: Պրազիլցիին եւ Պարսելոնայի համագործակցութիւնը տեղի պիտի ունենայ նաեւ հասարակական ու կազմակերպչական նախագիծերուն մէջ ալ:
41 տարեկան պրազիլցին, որ Պարսելոնայի մաս կազմած է 2004-2007 ժամանակամիջոցին, անոր հետ երկու անգամ հանդիսացած է երկրին ախոյեան, մէկ անգամ «Չեմփիընզ լիկ»-ի, իսկ երկու անգամ ալ գերբաժակի մրցաշարքին տիտղոսներուն տիրացած:
«Ինծի համար մեծ պատիւ մըն է Պարսելոնան ներկայացնել աշխարհի տարածքին տեղի ունենալիք նախաձեռնութիւններուն», ըսաւ պրազիլցին: