Հոլանտական Այաքս Ամսթերտամի 20 տարեկան ֆութպոլիստը` Ապտելհակա Նուրին կը շարունակէ մնալ մահաքունի մէջ: Այս լուրը հաղորդուեցաւ ակումբին պաշտօնական կայքին ճամբով:
Քանի մը օր առաջ Վերտըր Պրեմընի դէմ տեղի ունեցած ֆութպոլի բարեկամական մրցումին ընթացքին մարզիկը ուշքը կորսնցնելով ինկած էր եւ իսկոյն ուղղաթիռով փոխադրուած շրջանի հիւանդանոցներէն մէկը:
Նշուեցաւ, որ միջնապահ Նուրի Այաքս Ամսթերտամի ակադեմիայի մարզիկ եղած է եւ ակումբին գլխաւոր խումբին հետ ելոյթ սկսած է ունենալ 2015-էն ի վեր: