Նկատի ունենալով, որ այժմ միջազգային ֆութպոլի ախոյեանութիւնները իրենց ամառնային արձակուրդին մէջ են, մեծ թիւով մարզիկներու փոխանցում տեղի կ՛ունենայ:
Ստորեւ կու տանք կարգ մը կարեւորագոյն փոխանցումները:

ԳԵՐՄԱՆԱՑԻ բերդապահ Ճոնաթըն Քլինսման միացաւ գերմանական Հերթա Պերլինին` անոր հետ կնքելով երկար ժամանակի տեւողութեամբ պայմանագրութիւն մը:
20 տարեկան Ճոնաթըն Քլինսման ֆութպոլի երբեմնի անուանի աստղերէն Եիւրկըն Քլինսմանի որդին է:
Միացեալ Նահանգներու 20 տարեկանէն վար ազգային խումբին հետ 21 մրցում կատարած Ճոնաթըն Քլինսման վերջին շրջանին մաս կազմած էր Քալիֆորնիոյ համալսարանի խումբին:

ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏԻ քոլոմպիացի միջնապահ Խամես Ռոտրիկեզ 2 տարուան համար փոխ տրուեցաւ Պայէրն Միւնիխի:
«Պունտըսլիկա»-ի ախոյեանը նպատակ ունի յառաջիկային ձեռք ձգել անոր ստորագրութիւնը, եթէ 25 տարեկան ֆութպոլիստը լաւ տպաւորութիւն ձգէ:
Նշուեցաւ, որ անոր 2 տարուան փոխ տրուելուն համար արքայական ակումբը պիտի գանձէ 15 միլիոն եւրօ:
Ռոտրիկեզ ընդգրկուեցաւ Չինաստան եւ Սինկափուր մեկնող Պայէրնի ցանկին մէջ:

ԻՏԱԼԻՈՅ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յառաջապահ Անթոնիօ Քասսանօ ունեցաւ իր նոր ակումբը:
Ա. Էս. Ռոմայի, Սամտորիայի, Ռէալ Մատրիտի, Ինթեր Միլանի եւ Ա. Սէ. Միլանի նախկին ֆութպոլիստը միացաւ Վերոնայի:
35 տարեկան Քասսանօ, որ ազատ գործակալի կարգավիճակով միացաւ իտալական ակումբին, անոր հետ նոր տարեշրջանին պիտի կրէ թիւ 99 մարզաշապիկը: