Նախորդ շաբաթավերջին Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեան Ալաշկերտ մեկնեցաւ Պիելոռուսիա` չորեքշաբթի, 12 յուլիսին «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին Բ. հանգրուանի երթին ծիրին մէջ մրցելու ՊԱԹԷ-ի դէմ:
Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ Մինսքի Պորիսով Արենա մարզադաշտին վրայ եւ պիտի սկսի ժամը 21:30-ին` Երեւանի ժամանակացոյցով:
Ալաշկերտի պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ ակումբին նախագահը` Բագրատ Նաւոյեան:
Ստորեւ` Պիելոռուսիա մեկնած ֆութպոլիստները.
ԲԵՐԴԱՊԱՀՆԵՐ.- Արսէն Բեգլարեան եւ Գէորգ Գասպարով
ՅԵՏՍԱՊԱՀՆԵՐ.- Գագիկ Դաղբաշեան, Արարատ Առաքելեան, Վահագն Մինասեան, Տանիել Սթոյքովիչ, Տմիթրի Խովպոշա, Անդրանիկ Ոսկանեան, Մլատեն Զելքովիչ եւ Միլիան Եապլան
ՄԻՋՆԱՊԱՀՆԵՐ.- Խորէն Վերանեան, Արտակ Եդիգարեան, Արտակ Գրիգորեան, Արթուր Եդիգարեան, Արտակ Դաշեան եւ Զաւէն Բադոյեան
ՅԱՌԱՋԱՊԱՀՆԵՐ.- Ուրոշ Նենատովիչ, Միհրան Մանասեան եւ Լեսթեր Փելտիեր: