Ժընեւի մէջ (Զուիցերիա) տեղի ունեցող «ՖԻՏԷ»-ի կրան փրի ճատրակի միջազգային մրցաշարքին 5-րդ հանգրուանէն ետք, այժմ հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, որ ունի 3 կէտ, կը բաժնէ 3-6-րդ դիրքերը:
Նոյնքան կէտ ունին նաեւ երեք ուրիշներ ալ:
Դասաւորման պարագլուխի դիրքը կը գրաւեն Ալեքսանտր Կրիսչուք (Ռուսիա) եւ Թէյմուր Ռաճապով, որոնք հաւաքած են 3,5-ական կէտ:
Նշենք, որ Արոնեան ցարդ արձանագրած է յաղթանակ մը եւ չորս հաւասարութիւն:
Երէկ` երեքշաբթի, 11 յուլիսին, հանգիստի օր էր:
Այսօր 6-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Արոնեան ճերմակ քարերով կը մրցի հնդիկ Փանթելա Հարիքրիշնայի դէմ:
Նշենք, որ 9 հանգրուանով տեղի ունեցող այս մրցաշարքին կը մասնակցին 18 ճատրակ խաղացողներ: