
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Փիեռ Քախիա ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ (Ժալ Էլ Տիպ) իր տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին անդրադարձաւ Ասիա-2017-ի պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ 8-20 օգոստոսին` Լիբանանի մէջ:
Քախիա յայտնեց, որ Լիբանանի ազգային խումբին յաջողութեան գլխաւոր բանալիներն են անոր համակիրները եւ մարզական լրագրողները, որոնք կը հանդիսանան 6-րդ մարզիկը:
Ապա ան մանրամասնութիւններ ներկայացուց այս մրցաշարքը լաւապէս հիւրընկալելու համար տարուող աշխատանքներուն մասին, որպէսզի Լիբանան արդարացնէ իր վրայ դրուած յոյսերը եւ փաստէ, թէ պատահականօրէն չէ, որ կը հիւրընկալէ այս մրցաշարքը:
Մրցումներուն տոմսակներուն գինին անդրադառնալով ան ըսաւ, որ անոնց գինը կը սկսի 20 հազար լիբանանեան ոսկիէն եւ կը հասնի մինչեւ հարիւր ամերիկեան տոլարի (պատուոյ թրիպիւն):
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց այս մրցաշարքին զօրավիգ կանգնողներուն ու անոր կազմակերպիչ յանձնախումբին բոլոր անդամներուն եւ յոյս յայտնեց, որ բոլորը անխտիր յաւելեալ ճիգ թափեն, որպէսզի ամէն գնով այս մրցաշարքը վերածուի տօնական մեծ իրադարձութեան մը, որպէսզի Լիբանանի անունը միշտ բարձր մնայ: