Կարէն Բարսեղեան նշանակուեցաւ Գանձասար-Կապանի գլխաւոր մարզիչ եւ այդ պաշտօնին վրայ պիտի փոխարինէ Աշոտ Բարսեղեանը, յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Փորձառու մասնագէտը նախապէս աշխատած է Ուլիսի, Ալաշկերտի, Հայաստանի 21 տարեկանէն վար հաւաքականին եւ այլ խումբերու հետ:
Գանձասար-Կապանի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնէն հեռացած Աշոտ Բարսեղեան դարձաւ ակումբի գործադիր տնօրէնի խորհրդականը: