Հայաստանի 20 տարեկանէն վար տղոց պասքեթպոլի ազգային հաւաքականը Ռումանիոյ Օրատէա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի պասքեթպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան սկսաւ պարտութեամբ:
Հայրենի կազմը 95-69 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց (21-25, 12-27, 16-29 եւ 20-14) Ֆինլանտայէն:
Վիգէն Էսքիճեանի գլխաւորած խումբը, որ ընդգրկուած է Ա. խմբակին մէջ, իրեն մրցակից պիտի ունենայ նաեւ Պիելոռուսիան, Լեհաստանը եւ Պելճիքան:
Յայտնենք, որ իւրաքանչիւր խմբակի առաջին երկու դիրքերը գրաւող խումբերը կ՛ապահովեն քառորդ աւարտականի իրենց տոմսերը:
ՀԱՅՐԵՆԻ կազմը երէկ կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը, այս անգամ Պիելոռուսիայէն` 67-56 արդիւնքով (9-25, 20-7, 12-19 եւ 16-15):