Իր մասնակցութիւնը բերելու համար 15-18 յուլիսին Թունուզի մէջ տեղի ունենալիք արաբական աթլեթիզմի ախոյեանութեան, լիբանանեան պատուիակութիւնը մեկնեցաւ նշեալ երկիրը:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Ֆիլիփ Պաժժանի, իսկ մարզիկներն են Ալի Հազեր, Շարլ Քարամ, Քիֆահ Մոհամետ, Ապտելրահիմ Ռայյես, Ժորժ Ղաֆարի, Ժոուի Պուլ Սլէյման եւ Նուրհան Քոշ:
Պատուիրակութեան կ՛ընկերակցի նաեւ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի նախագահ Ռոլան Սաատէ: