
ԱՏՆԱՆ ՀԱԺ ԱԼԻ
Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը Վերտանի մէջ գտնուող իր կեդրոնատեղիին մէջ կատարեց լիբանանեան ֆութպոլի 2017-2018 տարեշրջանի տարբեր դասակարգերու ախոյեանութիւններուն եւ մրցաշարքերուն վիճակաձգութիւնը:
Այժմ յստակացած են իրարու դէմ ճակատող խումբերը: Մրցումներուն վայրերն ու թուականները պիտի հրապարակուին աւելի ուշ:
Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը իրեն մրցակից պիտի ունենայ Ամալ Մաարաքէն:
Բ. հանգրուան հասնելու պարագային, ՀՄԸՄ իրեն մրցակից պիտի ունենայ Շապապ Սահել – Պըրժ մրցումին յաղթականը:
Եթէ պատահի, որ ՀՄԸՄ ապահովէ 1-16-րդ հանգրուանի իր տոմսը, պիտի մրցի Ախա Ահլի Ալէյի դէմ:
Ա. դասակարգի ախոյեանութեան բացման մրցումը իրարու դէմ պիտի հանէ Ահտը եւ Նըժմէն:
Բ. դասակարգի ախոյեանութեան պարագային, ՀՄԸՄ նոր տարեշրջանին իրեն առաջին մրցակից պիտի ունենայ Ահլի Սայտան:
Ինչ կը վերաբերի Գ. դասակարգին, խումբերը բաժնուած են երեք խմբակի:
Գ. խմբակին մաս կազմող ՀՄՄ-ի առաջին մրցակիցն է Շապապ Պըրժ:
Կրտսերներու ֆութպոլի ախոյեանութեան պարագային, ՀՄԸՄ-ի առաջին մրցակիցն է Թատամոն Սուր (Ա. խմբակ):
Յառաջիկային աւելի մանրամասն կ՛անդրադառնանք նոր տարեշրջանին, երբ ֆետերասիոնը հրապարակէ ախոյեանութիւններուն ամբողջական յայտագիրը: