Գանձասար Կապանի նախկին ֆութպոլիստ Ալեքսանտր Պետրոսեան երէկ միացաւ Արարատ Երեւանի:
31 տարեկան յետսապահը, հանդիպելով ակումբին պատասխանատուներուն հետ, համաձայնութեան եկաւ խումբին հետ, յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Շուրջ շաբաթ մը առաջ, Արարատի մամլոյ քարտուղարութիւնը հերքեց փոխանցման վերաբերող լուրերը եւ զանոնք որակեց` ապատեղեկատուութիւն: