Արհեստավարժ կռփամարտիկ, գերմիջին կարգի «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. Պի. Օ.»-ի վարկածով աշխարհի նախկին ախոյեան Արթուր Աբրահամ, անգլիացի Քրիս Եուպենք Ժունիորի դէմ իր կատարելիք մենամարտէն առաջ, անցնող քանի մը օրերուն իր փորձերը շարունակեց կատարել Լոնտոնի մէջ, ուր տեղի պիտի ունենայ այդ ճակատումը:
Այդ փորձերուն ներկայ եղան նաեւ համակիրներ եւ լրագրողներ, յայտնեց «Թիմ Սաուըրլենտ»-ի մամլոյ քարտուղարութիւնը:
«Պարզապէս կեդրոնացած եմ այս մենամարտին վրայ: Նպատակս յաղթական տուն վերադառնալն է: Ատոր վրայ շատ աշխատանք տարի», ըսաւ 37 տարեկան Աբրահամ:
Յայտնենք, որ նոյն վայրին մէջ փորձեր կատարեց նաեւ 27 տարեկան Եուպենք:
Նախքան իրենց փորձերը կատարելը, 2 կռփամարտիկները բնականաբար կշռուեցան: Աբրահամ 77,9 քկ կշռեց, մինչ անգլիացին` 76,2 քկ:
Անոնց միջեւ այս մենամարտը տեղի պիտի ունենայ այսօր` շաբաթ, 15 յունիսին, «Ուեմպլի»-ի մարզադաշտին վրայ, եւ ուղղակիօրէն պիտի պատկերասփռուի Հայաստանի հանրային պատկերասփիւռի Առաջին ալիքէն:
Մրցումին յաղթականը պիտի հանդիսանայ «Այ. Պի. Օ.»-ի վարկածով աշխարհի ախոյեան, տիտղոս մը, որ ներկայիս կը պատկանի Եուպենքի:
Մենամարտին յաղթականը պիտի ըլլայ կռփամարտի համաշխարհային «Սուփըր սերի»-ի («Ուորլտ Պոքսինկ Սուփըթր Սերիզ») մասնակից: