Երէկ Նիոնի մէջ (Զուիցերիա) տեղի ունեցաւ «Չեմփիընզ-լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Գ. հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը:
Թէեւ ցարդ զտումի Բ. հանգրուանի դարձի մրցումները չեն կատարուած, սակայն Հայաստանի ախոյեան Ալաշկերտ յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը ապահովելու պարագային իր դէմ պիտի ունենայ Սլաւիա Փրական (Չեխիա):
Զտումի Բ. հանգրուանի երթի մրցումին, Ալաշկերտ յաղթանակի համազօր 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Պիելոռուսիոյ մէջ` ՊԱԹԷ Պորիսովի դէմ:
Աբրահամ Խաշմանեանի գլխաւորած խումբը 18 յուլիսին Երեւանի մէջ պիտի կատարէ դարձի իր մրցումը: