Արցախ Երեւան ֆութպոլի ակումբը, որ յառաջիկայ տարեշրջանին հանդէս պիտի գայ Հայաստանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, գլխաւոր մարզիչ Տիգրան Եսայեանի հետ, կատարեց իր չորրորդ ֆութպոլի բարեկամական մրցումը` այս օրերուն Հայաստան գտնուող իրանեան Փարս Ժոնուպի Ժամ խումբին դէմ:
Բանանց Երեւանի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին, իրանեան ակումբը արձանագրեց 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Նորաստեղծ Արցախ ֆութպոլի խումբը իր կատարած առաջին մրցումին 5-1 արդիւնքով յաղթեց Հայաստանի ֆութսալի հաւաքականին, ապա 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Բանանցի հետ, մինչ երրորդ մրցումին 3-0 արդիւնքով յաղթեց Ալաշկերտի երկրորդ խումբին: