Ինչպէս ծանօթ է, հոլանտական Այաքս Ամսթերտամի միջնապահ Ապտելհաք Նուրի գրեթէ մահաքունի վիճակի մէջ փոխադրուեցաւ հիւանդանոց` փորձերու ընթացքին իր գլուխէն ծանրօրէն վիրաւորուելուն պատճառով:
20 տարեկան ֆութպոլիստին ուղեղը ծանրօրէն վնասուած է:
Անոր եղբայրը` Ապտելրահիմ, լրագրողներուն հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ. «Բժիշկները կ՛ըսեն, թէ անոր վիճակը ծանր է: Հաւանաբար, երբ ան գիտակցութեան գայ, չկարենայ խօսիլ, քալել, առանձինը ուտել, նոյնիսկ հաւանական է, որ ոչ մէկը ճանչնայ: Բայց մենք մեր յոյսերը չենք կորսնցուցած: Մենք բոլորս ալ կ՛աղօթենք, անոր առողջութեան համար: Կ՛ուզենք դարձեալ տեսնել զայն անցեալին նման»: