Միջազգային մամուլին համաձայն, Փարիզ Սեն Ժերմեն ոչ մէկ ճիգ կը խնայէ իր կազմին միացնելու Պարսելոնայի պրազիլցի յառաջապահ Նէյմարը:
Կը նշուի, որ մայրաքաղաքի կազմը պատրաստ է անոր ակումբին վճարելու 222 միլիոն եւրօ:
Ֆութպոլիստին գործակատարն ու բարեկամները կը կարծեն, որ Նէյմար պէտք է ամէն գնով լքէ եւ հեռանայ Պարսելոնայէն, որպէսզի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսիի շուքէն դուրս գայ:
Պարսելոնայի հետ Նէյմարի գործող պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2021-ի ամրան: