Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Լիբանանի 2017-ի հեծելարշաւի ախոյեանութիւնը` Զաարուրէն Պասքինթա, մասնակցութեամբ 35 հեծելանւորդներու, որոնք կը ներկայացնէին ֆետերասիոնին մօտ արձանագրուած 8 ակումբներ, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակի եւ ներքին ապահովութեան ուժերու խումբերը:
Երիտասարդներու դասակարգին մէջ (90 քմ) ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մաս կազմող Յովսէփ Գանլըճեան հանդիսացաւ փոխախոյեան` արձանագրելով 2 ժամ 55′ 25″ արդիւնք մը:
Ան միայն 3 երկվայրկեանով ուշ մնաց առաջին դիրքը գրաւած Ուսամա Ահտապէն (Շեպիպեթ Սալաաթա):
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի երկու այլ հեծելանւորդներ` Քարլ Տեմիրճեան (2 ժամ 55′ 57″) եւ Կարէն Արաբկիրլեան (3 ժամ 15′ 02″), յաջորդաբար գրաւեցին 4-րդ եւ 5-րդ դիրքերը:
Մեծերու դասակարգին մէջ (135 քմ), Էլիաս Ապու Ռաշիտ (Նապաթիէի խումբին մաս կազմող) գրաւեց առաջին դիրքը` արձանագրելով 4 ժամ 33′ արդիւնք մը:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի անդամներուն եւ այս ախոյեանութիւնը հովանաւորող «Սքոթ» ընկերութեան պատասխանատուներուն: