Միացեալ Նահանգներու մէջ իր կատարած ֆութպոլի միջազգային բարեկամական երկրորդ մրցումին, Մանչեսթըր Եունայթըտ արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը, երբ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց «Մէյճըր լիկ»-ի կազմերէն Ռէալ Սոլթ Լէյքը:
Այս մրցումին անգլիական կազմին հաւասարութեան կոլը նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան (29-րդ): Լէյքի կոլը նշանակեց Լուիս Սիլվա (23-րդ), իսկ Եունայթըտի յաղթանակի կոլը` Ռոնելու Լուքաքու (38-րդ): Նշենք, որ մրցումին 67-րդ վայրկեանին Լուիս Անթոնիօ Վալենսիա կարմիր քարտ մը ստացաւ Մանչեսթըրէն:
Այս մրցումին Մխիթարեան Բ. կիսախաղին փոխարինուեցաւ պելճիքացի յառաջապահ Ռոմելու Լուքաքույով, մինչ մրցակից կազմէն դաշտ չներկայացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան:
Հայաստանի ազգային հաւաքականին խմբապետը` Մխիթարեան, այլ կոլ մը նշանակած էր Եունայթըտի արձանագրած առաջին յաղթանակին ընթացքին` Լոս Անճելըս Կալաքսիի դէմ (5-2):