Հայաստանի հաւաքականի մարմնամարզիկներ Արթուր Դաւթեան, Վահագն Դաւթեան եւ Յարութիւն Մերտինեան, 2-8 հոկտեմբերին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Մոնրէալի մէջ (Քանատա) տեղի ունենալիք աշխարհի մարմնամարզութեան ախոյեանութեան:
Հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Յակոբ Սերոբեան յայտնեց, որ վերոնշեալ երեք մարզիկները 16-17 սեպտեմբերին պիտի մեկնին Փարիզ (Ֆրանսա), ուր տեղի պիտի ունենայ աշխարհի բաժակի զտումի մրցաշարքը, ապա միացեալ հաւաք մը պիտի կատարեն Ֆրանսայի եւ Չինաստանի խումբերուն հետ:



