Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ տեղի ունեցող Ասիոյ 23 տարեկանէն վար ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, Լիբանանի ողիմպիական խումբը 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն, դուրս մնաց մրցաշարքէն:
Յաղթական խումբը կասկածելի փենալթիով մը 83-րդ վայրկեանին նշանակեց իր կոլը:
Դ. խմբակին մաս կազմող Լիբանան այժմ առանց ոչ իսկ մէկ կէտի կը գրաւէ երրորդ դիրքը` վերջին դիրքը գրաւող Նեփալի նման:
Առաջին դիրքին վրայ է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու խումբը (6 կէտ), որուն կը յաջորդէ Ուզպեքիստան` նոյնքան կէտով:
Այսօր, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 20:15-ին, Լիբանան կը կատարէ իր վերջին մրցումը` Նեփալի դէմ: