Լոնտոնեան Չելսի ֆութպոլի ակումբը յայտարարեց, որ երկու տարիով երկարաձգեց իր պայմանագրութիւնը իր մարզիչին` Անթոնիօ Քոնթէի հետ:
Իտալացին նախորդ տարեշրջանին` իր պաշտօնավարութեան առաջին իսկ տարին, իր խումբին հետ հանդիսացաւ ախոյեան:
Ասկէ բացի, 47 տարեկան ֆութպոլի մասնագէտին` աշխատավարձը բարձրացաւ 50 տոկոսով եւ հասաւ 9 միլիոն սթերլինկի:
Անգլիոյ ախոյեանը, որ այժմ ասիական շրջապտոյտի մը նախաձեռնած է, Չինաստանի եւ Սինկափուրի մէջ ֆութպոլի բարեկամական մրցումներ պիտի կատարէ Արսենալի, Պայէրն Միւնիխի եւ Ա. Սէ. Միլանի հետ:



