«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Բ. հանգրուանի դարձի մրցումը երէկ բաւական անյաջող եղաւ Հայաստանի ախոյեան Ալաշկերտի համար` նկատի ունենալով, որ հայրենի կազմը 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով Պիելոռուսիոյ ախոյեան ՊԱԹԷ Պորիսովէն, դուրս մնաց մրցաշարքէն:
Աբրահամ Խաշմանեանի գլխաւորած կազմը, որ երթին 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրած էր իր դաշտէն դուրս, չկրցաւ շրջանցել այս հանգրուանը եւ հրաժեշտ տուաւ մրցաշարքին:
Թէեւ Ուրոս Նենատովիչ 18-րդ վայրկեանին բացաւ մրցումին հաշիւը` ի նպաստ Ալաշկերտի, սակայն հիւր կազմը պատասխանեց երեք անգամ` 23-րդ, 35-րդ եւ 78-րդ վայրկեաններուն, Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ, Ալաշկերտի մեծաթիւ համակիրներուն ներկայութեան:
Յաջորդ հանգրուանին Պորիսով պիտի մրցի Չեխիոյ ախոյեան Սլաւիայի դէմ:
Այսպիսով, եւրոպական մրցաշարքերը պիտի շարունակուին առանց հայկական ակումբներուն: