«Մարքա» հաղորդեց, որ Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին նախագահը` Անխել Մարիա Վիլիար եւ անոր զաւակը ձերբակալուեցան ոստիկանութեան կողմէ:
67 տարեկան Վիլիարի հետ ձերբակալուեցան նաեւ ֆետերասիոնին կարգ մը անդամները:
Կաշառակերութեան, կեղծ փաստաթուղթերու, աւելորդ ծախսերու եւ այլ օրինախախտումներու մէջ կասկածներ կան ձերբակալուածներուն շուրջ:
2015-ին Վիլիար նմանօրինակ հարցեր դիմագրաւած էր նաեւ, երբ մաս կը կազմէր ՖԻՖԱ-ին եւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին:
Վիլիար, որ Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահի պաշտօնը կը վարէ 1988-էն ի վեր, նախորդ մայիսին 8-րդ անգամն ըլլալով ընտրուած էր այդ պաշտօնին համար: