Երէկ` երեքշաբթի, 18 յուլիսին, Ահտի պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Աղեքսանդրիա (Եգիպտոս)` իր մասնակցութիւնը բերելու համար արաբական ֆութպոլի ակումբներու ախոյեանութեան:
Բ. խմբակին մաս կազմող Լիբանանի ախոյեան Ահտ իրեն մրցակից պիտի ունենայ Զամալեքը (Եգիպտոս), Նասըրը (Սէուտական Արաբիա) եւ Ֆաթըհ Ռիատին (Մարոք):
Երեք խմբակներու առաջին դիրքը գրաւողները, ինչպէս նաեւ լաւագոյն երկրորդ դիրքը գրաւողը կ՛ապահովեն յաջորդ հանգրուանի իրենց տոմսերը:
Կիրակի օր ժամը 19:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) Ահտ պիտի կատարէ իր առաջին մրցումը` Նասըրի դէմ:
Ահտի պատուիրակութեան հետ երէկ Եգիպտոս չմեկնեցան Հիւսէյն Մունզեր, Մոհամետ Քատտուհ եւ քանի մը ուրիշ ֆութպոլիստներ` նկատի ունենալով, որ անոնք երկրէն դուրս Լիբանանի ողիմպիականի խումբին հետ կը մասնակցին ախոյեանութեան մը:
Անոնք խումբին պիտի միանան երեք օր ետք:
Ահտի պատուիրակութեան մաս կազմող մարզական բաժանմունքի պատասխանատու, լրագրող Եուսեֆ Եունես յայտարարեց, որ մրցումները ուղղակիօրէն պիտի պատկերասփռուին Ապու Տապի «Ռիատիէ» եւ «Ուան Սփոր Ռիատիէ» կայաններէն:
Ահտի մարզիչն է Մուսա Հըժէյժ: