Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանի 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 19 յուլիսին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը կը մրցի Մութթահետի դէմ:
Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Պիպլոսի դաշտին վրայ (Ժիպէյլ), պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:30-ին:
Ցարդ իր կատարած երկու մրցումներուն ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ արձանագրած է յաղթանակ մը եւ կրած պարտութիւն մը:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 49-48 արդիւնքով յաղթեց Պըրժ Այնթուրայի` 48-45 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք Հուփս Մեթնէն:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի աղջիկներէն կ՛ակնկալուի իրենց ամէն կարելին ընել` յաղթելու համար այսօրուան իրենց մրցակիցին: