Մարզական

2018-ի Մոնտիալ. Հարաւային Գօտի. Արժանթինը` Անել Կացութեա՞ն Մատնուած

5 եւ 11 հոկտեմբերը ճակատագրական օրեր պիտի ըլլան Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբին համար, որ 2018-ի մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ (Հարաւային Ամերիկայի գօտի) կարեւոր մրցումներ ունի կատարելիք Փերուի (իր դաշտին վրայ) եւ Էքուատորի (իր դաշտէն դուրս) դէմ: Իր կատարած վերջին մրցումին, Արժանթին 2 արժէքաւոր կէտեր կորսնցուց, երբ 2-2 արդիւնքով ոչ համոզիչ հաւասարութիւն մը արձանագրեց 10-րդ եւ վերջին դիրքը գրաւող Վենեզուելայի...

Թենիս. «Եու. Էս. Օփըն». Տել Փոթրօ Մրցաշարքէն Դուրս Ձգեց Ֆետերերը

Ռոժէ Ֆետերեր Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցող թենիսի «Եու. Էս. Օփըն»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին, տղոց քառորդ աւարտականի մրցումներուն մեծագոյն անակնկալը ստեղծեց 24-րդ դասուած արժանթինցի Խուան Մարթին տել Փոթրօ, որ մրցաշարքէն դուրս ձգեց տիտղոսին թեկնածուներէն 3-րդ դասուած զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերերը` արձանագրելով 7-5, 3-6, 7-6 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթանակ մը: Կիսաւարտականին ան քիչ մը դժուար ճակատում մը ունի կատարելիք, երբ...

2018-ի Մոնտիալ.  Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը

2018-ի Մոնտիալ. Եւրոպայի Գօտի. Խմբակներուն Պատկերը` Վերջին Երկու Մրցումներէն Ետք

10 հոկտեմբերին Եւրոպայի ցամաքամասին մէջ կ՛աւարտին 2018-ի մոնտիալի զտումի մրցումները: Կ՛ակնկալուի, որ 9-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներէն ետք (6-7 հոկտեմբերին) յստականան այլ խումբերու անուններ ալ, որոնք պիտի միանան Պելճիքայի, որ այս ցամաքամասին մէջ Ռուսիոյ իր տոմսը ապահոված միակ խումբն է: Ցարդ անպարտելի են Զուիցերիա, Գերմանիա, Սերպիա, Կալես, Անգլիա, Սպանիա եւ Պելճիքա: Առաջին երկուքը միակ կազմերն են, որոնք ապահոված են առաւելագոյն...

Մուրինիօ Իր Աշխատավարձին 1 Առ Հարիւրը Պիտի Յատկացնէ Բարեգործութեան

«Տը Թելեկրաֆ» կը հաղորդէ, որ անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի փորթուգալցի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ պիտի հետեւի խումբին սպանացի միջնապահ Խուան Մաթթայի օրինակին եւ իր աշխատավարձին 1 առ հարիւրը պիտի յատկացնէ տարբեր երկիրներու մէջ բարեգործութեամբ զբաղող հիմնադրամին: Այս ծրագիրին արդէն միացած են ակումբին 12 անդամները: Յառաջիկային բարեգործական արշաւին կը մասնակցի նաեւ անգլիացի յառաջապահ Մարքուս Ռեշֆորտ:

17 Հոկտեմբերին` 2018-ի Մոնտիալի Եւրոպայի Փլէյ-Օֆ-ի Մրցումներուն Վիճակաձգութիւնը

ՖԻՖԱ-ի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ 17 հոկտեմբերին Ցիւրիխի մէջ (Զուիցերիա) տեղի պիտի ունենայ 2018-ի մոնտիալի Եւրոպայի ցամաքամասի փլէյ-օֆի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը: Ինչպէս ծանօթ է, 9 խմբակներուն առաջին դիրքերը գրաւող խումբերը կ՛ապահովեն Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի ախոյեանութեան իրենց տոմսերը: Իսկ երկրորդ դիրքը գրաւած լաւագոյն 8 խումբերը յաւելեալ 4 տոմսերու համար փլէյ-օֆի մրցումներ պիտի կատարեն իրարու դէմ (երթուդարձի դրութեամբ)` միանալու համար այդ...

Հուսամէտտին Հարիրիի Անուան Պասքեթպոլի 27-րդ Մրցաշարք. ՀՄԸՄ-ի Առաջին Մրցակիցը` Մուժամահ Փեթրոլի

Ինչպէս ծանօթ է, այս շաբաթավերջին կը սկսի Հուսամէտտին Հարիրիի անուան պասքեթպոլի 27-րդ միջազգային մրցաշարքը` մասնակցութեամբ 8 խումբերու: Անոնք են` ՀՄԸՄ, Ռիատի, Պէյրութ, Չերքասի (Ուքրանիա), Տալիա (Թունուզ), «ԱԷՔ» Լառնաքա (Կիպրոս), Մուժամահ Փեթրոլի (Ալճերիա) եւ Սըրրիեթ Ռամալլա (Պաղեստին): Մրցումները, որոնք տեղի պիտի ունենան Մանարայի մէջ, պիտի ընթանան հետեւեալ յայտագիրին հիմամբ. ՇԱԲԱԹ, 9 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ. ԺԱՄ Չերքազի - Տալիա 13:30 «ԱԷՔ» Լառնաքա - Պէյրութ...

«Ճիմնազիատ-2017». Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանը Իր Մասնակցութիւնը Կը Բերէ 4 Աշակերտով

Այսօր` հինգշաբթի, 7 սեպտեմբերին, կը սկսի Արաբական դպրոցական մարմնամարզութեան Ա. ախոյեանութիւնը` «Ճիմնազիատ-2017» անունին տակ: Մասնակցող դպրոցականները բաժնուած պիտի ըլլան տարիքային երկու խմբակներու` 12 եւ 14 տարեկանէն վար, տղաք եւ աղջիկներ: Լիբանանցիներուն կողքին անոր իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն նաեւ արաբական եւ ծոցի երկիրներ: Լիբանանցի մասնակցողները վերջին շրջանին բաւական փորձեր կատարեցին` ամէն գնով լաւ արդիւնքներու հասնելու համար: Նշենք, որ տեղի պիտի ունենան...

Ուոթըր-Փոլօ. Սաթելիթի Յաջորդաբար 14-րդ Անգամ Ըլլալով Տիրացաւ Տիտղոսին

Սեւակ Տեմիրճեան կը ստանայ մրցաշարքին տիտղոսը Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, անոր լողաւազանին մէջ (Քասլիք) տեղի ունեցաւ «Ուոթըր-Փոլօ-2017»-ը (ջրագնդակ)` մասնակցութեամբ 5 ակումբներու: Անոնք են` Սաթելիթի, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.», 1875, Հոլիտէյ Պիչ եւ Աքուամարինա: Իր կատարած մրցումներէն 12 կէտ ապահովելով` Սաթելիթի տիրացաւ տիտղոսին, յաջորդաբար 14-րդ անգամ ըլլալով: Այս իրագրծումը կատարելով Սաթելիթի իր անունը պիտի արձանագրէ մրցանիշներու «Կինես»-ի գիրքին մէջ: Մրցաշարքի...

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» Տուաւ Յատուկ Մամլոյ Ասուլիս Մը` «Աքուաթլոն-2017»-ի Գծով

PROFOTO Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի, 1 հոկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ «Աքուաթլոն-2017»-ը, գործակցութեամբ Ժունիէի քաղաքապետութեան եւ հսկողութեամբ Լիբանանի Թրիաթլոնի ֆետերասիոնին: Այս գծով երէկ տեղի ունեցաւ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի կեդրոնատեղիին մէջ, Քասլիք: Անոր ներկայ գտնուեցան բազմաթիւ հրաւիրեալներ, հովանաւոր ընկերութիւններ, տարբեր ֆետերասիոններու նախագահներ ու ներկայացուցիչներ եւ մարզական լրագրողներ: Այս Աքուաթլոնին տեղի պիտի ունենան լողարշաւի եւ վազքի մրցումներ....

Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէն Այսօր Կու Տայ Մամլոյ Ասուլիս Մը

Այսօր` հինգշաբթի, 7 սեպտեմբերին, յետմիջօրէին ժամը 16:00-ին, Լիբանանի ողմիպիական կոմիտէն պիտի տայ յատուկ մամլոյս ասուլիս մը, որուն ընթացքին պիտի յայտարարէ լիբանանեան պատուիրակութեան կազմը, որ 17-27 սեպտեմբերին Աշխապատի մէջ (Թիւրքմենիստան) իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ ասիական 5-րդ խաղերուն, որոնք տեղի պիտի ունենան փակ դաշտերու մէջ:

Շանվիլ Ակումբի Ընտրութիւններ

Շանվիլ Պիտի Ներկայացնէ 2017-2018 Տարեշրջանի Պասքեթպոլի Ախոյեանութեան Իր Կազմը

Շանվիլ ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը տեղեկացուց, որ երեքշաբթի, 12 սեպտեմբերին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, յատուկ երեկոյի մը ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի կեդրոնատեղիին մէջ (Քասլիք), սոյն ակումբը պիտի ներկայացնէ իր կազմը, որ պիտի մասնակցի Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանին: Անոր ներկայ պիտի գտնուին յատուկ հրաւիրեալներ, մարզական անձնաւորութիւններ, կրօնական դէմքեր եւ մարզական լրագրողներ: Աւարտին, երեկոյին ներկայ...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը Ա. դասակարգի ակումբներուն նախագահներն ու ընդհանուր քարտուղարները յատուկ ժողովի մը հրաւիրեց իր կեդրոնատեղիին` Վերտանի մէջ, երկուշաբթի, 11 սեպտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, 2017-2018 տարեշրջանին գծով բոլոր հարցերը քննարկելու համար: Ֆետերասիոնը իր տոմարներէն ջնջեց ստորեւ տրուած անունները, որոնք այսպէս կոչուած Լիբանանի մինի ֆութպոլի ֆետերասիոնին հետ առնչութիւն ունեցան. Հասան Սըլման (իրաւարար), Մոհամետ Պալունի (Պաղեստինցի ֆութպոլիստ),...

Մոթորսայքլինկ. Ռոսսի Ենթարկուեցաւ Ծունկի Վիրաբուժութեան

Մոթորսայքլինկի աշխարհին մէջ հանրածանօթ անուն մը նկատուող իտալացի Վալենթինօ Ռոսսի, նախորդ շաբաթավերջին դուրս եկաւ հիւանդանոցէն ուր մնաց մէկ օր` ծունկի վիրաբուժութեան ենթարկուելէ ետք, յայտնեց «ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը: Վիրաբուժական այս գործողութենէն ետք, 38 տարեկան իտալացիին համար այս տարեշրջանը աւարտեցաւ:

Թաւեքիօ. «Ֆութպոլի Պատմութիւն Ունեցող Խումբերուն Հարցը Պէտք Է Նկատի Առնուի Մոնտիալի Զտումներուն»

Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Քարլօ Թաւեքիօ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ անցեալին Մոնտիալի զտումի մրցումներուն խումբերուն արձանագրած արդիւնքները պէտք է նկատի առնուին, որպէսզի պատմական անցեալ ունեցող խումբեր անակնկալօրէն դուրս չմնան մոնտիալէն, երբ տեղի կ՛ունենան խմբակներու դրութեամբ մրցումները: Ան ըսաւ, որ այս գծով ինք խօսած է ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինիոյ հետ եւ պարզաբանած կացութիւնը` նկատի ունենալով, որ եթէ այդպիսի...

2018-ի Մոնտիալ. Սէուտական Արաբիա Ապահովեց Իր Տոմսը

Ասիոյ գօտիին մէջ տեղի ունեցած 2018-ի մոնտիալի զտումի մրցաշարքին արդիւնքներուն լոյսին տակ, Սէուտական Արաբիա Բ. խմբակին մէջ զտումի Գ. հանգրուանին ծիրին մէջ իր կատարած վերջին մրցումին 1-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ճափոնի, վերջինիս հետ միասին ապահովեց Ռուսիոյ իր տոմսը: Աւստրալիա, որ գրաւեց այս խմբակին երրորդ դիրքը, ցարդ դուրս մնացած չէ` նկատի ունենալով, որ փլէյ-օֆի մրցում ունի կատարելիք Ա. խմբակին երրորդ դիրքը...

Ասիա-2019. Լիբանան Ապահովեց Աւարտական Հանգրուանի Իր Տոմսը, Հակառակ Իր Արձանագրած Հաւասարութեան

Թէեւ երէկ Լիբանանի տղոց ֆութպոլի ազգային խումբը Փիոնկիանկի մէջ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Հիւսիսային Քորէայի հետ` Ասիա-2019-ի բաժակի մրցաշարքին զտումի Գ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, սակայն յաջողեցաւ ապահովել աւարտական հանգրուանի իր տոմսը` երեք մրցումէ իր տրամադրութեան տակ ունենալով 7 կէտ: Հակառակ անոր որ Լիբանան տակաւին երեք մրցում ունի կատարելիք, սակայն եթէ այդ երեքէն միայն մէկուն պարագային Լիբանան յաղթանակ մը...

Հուսամէտտին Հարիրիի Անուան Պասքեթպոլի Մրցաշարք.  Լիբանանեան Երեք Խումբեր Կը Մասնակցին Մրցաշարքին

Հուսամէտտին Հարիրիի Անուան Պասքեթպոլի Մրցաշարք. Լիբանանեան Երեք Խումբեր Կը Մասնակցին Մրցաշարքին

8-15 սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Հուսամէտտին Հարիրիի անուան պասքեթպոլի 27-րդ միջազգային մրցաշարքը` Մանարայի դաշտին վրայ: Իւրաքանչիւր օր տեղի պիտի ունենայ երկու մրցում, առաջինը` ժամը 17:30-ին, իսկ երկրորդը` ժամը 20:30-ին: Մրցումները ուղղակիօրէն պիտի սփռուին «Մուսթաքպալ» պատկերասփիւռի կայանէն: Մասնակցող ութ խումբերէն երեքը պիտի ըլլան լիբանանեան` տիտղոսակիր ՀՄԸՄ, Ռիատի Պէյրութ եւ Պէյրութ: Իսկ մնացեալ խումբերն են` Մուժամաա Ռիատի Փեթրոլի (Ալճերիա), ԱԷՔ Լառնաքա (Կիպրոս),...

Կազմակերպութեամբ` «ՊԻՍԹՑ»-ի. «Մասթըրզ Աֆ Տըրթ»-ը Մեծ Տպաւորութիւն Ձգեց

«Լիբանա՛ն, քեզի կ՛երազենք» խորագիրը կրող մարզական նախաձեռնութիւնը, որ կազմակերպուած էր լիբանանեան «ՊԻՍԹՑ» ընկերութեան կողմէ, նախորդ շաբաթավերջին հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցան «Մասթըրզ աֆ Տըրթ» ցուցադրական ելոյթները` մոթոսիքլեթներու եւ հեծանիւներու մասնակցութեամբ: Ցուցադրական ելոյթներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Անգլիայէն, Գերմանիայէն, Աւստրիայէն, Չեխիայէն, Սլովենիայէն եւ եւրոպական այլ երկիրներէ եկած մոթոսիքլեթ քշողներ, որոնք հմայեցին լիբանանցի հանդիսատեսները իրենց մոթոսիքլեթներով եւ հեծանիւներով, որոնցմով աներեւակայելի եւ արկածախնդրական...

Պասքեթպոլ. Աթլաս Ֆըրզոլ` Տղոց Գ. Դասակարգի Ախոյեան

Նախորդ շաբաթավերջին ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ) աւարտեցաւ Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութիւնը, երբ աւարտականի երրորդ մրցումին Աթլաս Ֆըրզոլ 79-70 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց եւ 2-1 արդիւնքով գերազանցելով 1875 խումբին տիրացաւ տիտղոսին` հանդիսանալով Գ. դասակարգի ախոյեան: Աւարտին, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Շարպել Ռըզք ախոյեանութեան տիտղոսը եւ մետալները յանձնեց Աթլաս Ֆըրզոլին, իսկ երկրորդ դիրքի մետալները` 1875 խումբի մարզիկներուն: Այսպիսով,...

Պասքեթպոլ.  Հանրի Շալհուպի Անուան Մրցաշարքը` 20-30 Սեպտեմբերին

Պասքեթպոլ. Հանրի Շալհուպի Անուան Մրցաշարքը` 20-30 Սեպտեմբերին

20-30 սեպտեմբերին Շիահի մարզադաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ Հանրի Շալհուպի անուան պասքեթպոլի տեղական մրցաշարքը` մասնակցութեամբ հետեւեալ ութ ակումբներուն. ՀՄԸՄ, Պիպլոս, Շանվիլ, Լուէյզի, Մութթահետ, Թատամոն, Պէյրութ եւ Անթունիէ: Թէեւ մրցաշարքին գծով յառաջիկային պիտի տրուի յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, սակայն նշուեցաւ, որ մրցումները պիտի պատկերասփռուին «Էլ. Պի. Սի.», «Էլ. Պի. 2», «Էլ. Տի. Սի.» եւ Լիբանանի պետական պատկերասփիւռի կայաններէն:  

Page 933 of 1278 1 … 932 933 934 … 1,278

Արխիւներ