«Լիբանա՛ն, քեզի կ՛երազենք» խորագիրը կրող մարզական նախաձեռնութիւնը, որ կազմակերպուած էր լիբանանեան «ՊԻՍԹՑ» ընկերութեան կողմէ, նախորդ շաբաթավերջին հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցան «Մասթըրզ աֆ Տըրթ» ցուցադրական ելոյթները` մոթոսիքլեթներու եւ հեծանիւներու մասնակցութեամբ:
Ցուցադրական ելոյթներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Անգլիայէն, Գերմանիայէն, Աւստրիայէն, Չեխիայէն, Սլովենիայէն եւ եւրոպական այլ երկիրներէ եկած մոթոսիքլեթ քշողներ, որոնք հմայեցին լիբանանցի հանդիսատեսները իրենց մոթոսիքլեթներով եւ հեծանիւներով, որոնցմով աներեւակայելի եւ արկածախնդրական հնարքներ կը գործէին:
«Պիսթց» մարզական այս նախաձեռնութեան դիմելով առաջնահերթ նպատակ ունէր լիբանանցիները իրարու մօտ համախմբել եւ մարզական լաւ մթնոլորտի մը մէջ աւարտել 2017-ի ամառնային եղանակը: