Մոթորսայքլինկի աշխարհին մէջ հանրածանօթ անուն մը նկատուող իտալացի Վալենթինօ Ռոսսի, նախորդ շաբաթավերջին դուրս եկաւ հիւանդանոցէն ուր մնաց մէկ օր` ծունկի վիրաբուժութեան ենթարկուելէ ետք, յայտնեց «ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը:
Վիրաբուժական այս գործողութենէն ետք, 38 տարեկան իտալացիին համար այս տարեշրջանը աւարտեցաւ:



