Նախորդ շաբաթավերջին ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ) աւարտեցաւ Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութիւնը, երբ աւարտականի երրորդ մրցումին Աթլաս Ֆըրզոլ 79-70 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց եւ 2-1 արդիւնքով գերազանցելով 1875 խումբին տիրացաւ տիտղոսին` հանդիսանալով Գ. դասակարգի ախոյեան:
Աւարտին, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Շարպել Ռըզք ախոյեանութեան տիտղոսը եւ մետալները յանձնեց Աթլաս Ֆըրզոլին, իսկ երկրորդ դիրքի մետալները` 1875 խումբի մարզիկներուն:
Այսպիսով, վերոնշեալ երկու խումբերը 2017-2018 տարեշրջանին մաս պիտի կազմեն Բ. դասակարգին:
Իսկ երրորդ խումբին անունը պիտի յստականայ, երբ փլէյ-օֆի մրցումներ տեղի ունենան Անիպալ Զահլէի եւ Ամալ Պիքֆայայի միջեւ: